Bible Readings for August 25, 2024
Second Epistle of Paul to the Corinthians 6:16-7:1
What agreement is there between the temple of God and idols? For we are the temple of the living God. As God has said: “I will live with them and walk among them, and I will be their God, and they will be My people.”
Therefore, “Come out from them and be separate, says the Lord. Touch no unclean thing, and I will receive you.” And, “I will be a Father to you, and you will be My sons and daughters, says the Lord Almighty.”
Therefore, since we have these promises, dear friends, let us purify ourselves from everything that contaminates body and spirit, perfecting holiness out of reverence for God.
Ընթերցում Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն Ուղղուած Երկորդ Նամակէն 6:16-7:1
Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ:
Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ.-
«Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:
Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»:
Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.-
«Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն. պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,
եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ: Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ եւ դուք իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,- կ’ըսէ ամենակալ Տէրը»:
Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են: Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով:
The Holy Gospel According to Luke 1:39-56
At that time Mary got ready and hurried to a town in the hill country of Judea, where she entered Zechariah’s home and greeted Elizabeth. When Elizabeth heard Mary’s greeting, the baby leaped in her womb, and Elizabeth was filled with the Holy Spirit. In a loud voice she exclaimed: “Blessed are you among women and blessed is the child you will bear! But why am I so favored, that the mother of my Lord should come to me? As soon as the sound of your greeting reached my ears, the baby in my womb leaped for joy. Blessed is she who has believed that the Lord would fulfill His promises to her!”
And Mary said: “My soul glorifies the Lord and my spirit rejoices in God my Savior, for He has been mindful of the humble state of His servant. From now on all generations will call me blessed, for the Mighty One has done great things for me— holy is His name. His mercy extends to those who fear Him, from generation to generation. He has performed mighty deeds with His arm; He has scattered those who are proud in their inmost thoughts. He has brought down rulers from their thrones but has lifted up the humble. He has filled the hungry with good things but has sent the rich away empty. He has helped His servant Israel, remembering to be merciful to Abraham and his descendants forever, just as he promised our ancestors.”
Mary stayed with Elizabeth for about three months and then returned home.
Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանէն Որ Ըստ Ղուկասու 1:39-56
Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը: Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ: Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած՝ բարձրաձայն ըսաւ.
– Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ: Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ’այցելէ. որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ: Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին:
Մարիամ ըսաւ.
«Տէրը պիտի գովաբանեմ.
Ահա հոգիս կ’ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս, որովհետեւ ան տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը: Ասկէ ետք բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի, քանի հզօրն Աստուած ինծի համար մեծամեծ գործեր կատարեց. սուրբ է անունը անոր: Բոլոր ժամանակներուն մէջ ողորմութեամբ ան կը նայի աստուածավախ մարդոց վրայ: Իր բազուկով ան զօրութիւն ցոյց տուաւ, ոչնչացուց հպարտները՝իրենց բոլոր խորհուրդներով: Գահազրկեց արքաները եւ բարձրացուց խոնարհները: Անօթիները բարիքներով լիացուց, մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց: Պաշտպան եղաւ իր ծառային՝ Իսրայէլի, հաւատարիմ մնալով իր ողորմութեան, ինչպէս որ խոստացած էր մեր հայրերուն՝Աբրահամի եւ անոր զաւակներուն»:
Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը:
|