Volume 24 - March 31, 2023

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան սեմինար
ARS Canada Seminar Guest Speakers
April 15, 16, 2023
Տոքթ.Սեդրակ Իսհակ
Նիւթ՝ «Քաղուած դասեր՝ եօթը հոգեբուժական ըմբռնումներու շուրջ»
Lessons Learned: 7 Insights from a Psychiatrist

Դոկտ. եւ ընկհ.Տանիա Օհանեան
Նիւթ՝ «Ղեկավարման մշակոյթը եւ ղեկավարին ինքնութիւնը»
The Culture of Leadership & the Identity of the Leader
Պրն. Ժոզէ Բիրանեան
Նիւթ՝ «Յաղթահարել վախերը՝ ձեւաւորելով ճկունութիւն և թռիչքային ներուժ»
Conquering Fears Building Resilience & Skyrocketing Potential

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան
«Կանչ» Հաղորդում
ARS Canada Podcast
"Ganch" Podcast
starting January 1, 2023

Please Listen anytime and Share with Others


Սիրելի հայրենակիցներ,

Ինչպէս գիտէք, Փետրուարի 6, 2023-ին ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց Թուրքիոյ հարաւը և Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը ներառեալ հայաշատ Հալէպ քաղաքը։ Երկրաշարժը տապալեց շէնքեր և ծանրակշիռ աւերներ պատճառեց, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան հազարաւոր վիրաւորներ եւ հարիւրաւոր մահեր: Պատերազմի եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն տակ ապրող սուրիահայը կրկին մատնուեցաւ նոր տեսակի սարսափի, անորոշութեան եւ վտանգի: Այսօր, իր ֆիզիքական գոյութիւնը եւ կենցաղային անհրաժեշտ պէտքերը ապահովելու տագնապի մատնուած սուրիահայը բազմաթիւ նոր ու անմիջական կարիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի, ինչպիսին են՝ քանդուած տուներու նորոգում, քանդուած ապակիներու նորոգում, դեղորայքի ապահովում, եւ այլ բազմաթիւ կարիքներ:

Սուրիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով վտանգուած սուրիահայ ժողովուրդը ձեր աջակցութեան եւ զօրակցութեան անհրաժեշտ կարիքը ունի: Ուրախ ենք յայտնելու ձեզի, որ արդէն իսկ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը անցած է գործի եւ իր առաջին նիւթական օգնութիւնը ուղարկած է վնասուած շրջանին: Այսուհետեւ, Գանատայի մէջ կատարուած օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով պիտի փոխանցուին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով Սուրիոյ Օգնութեան Խաչին:

Արդ, կը խնդրենք ձեզմէ ձեր նիւթական օժանդակութեամբ աջակցիլ Սուրիոյ այս աղէտի տուժածներուն և համայնքային կարիքներուն: Բոլոր անոնք, որոնք մարդասիրական օժանդակութեամբ իրենց նիւթական նուէրները կը փափաքին կատարել, կրնան իրենց դրամը փոխանցել ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան կամ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան սեղմելով հետեւեալ կապը:


Լիայոյս ենք, որ իւրաքանչիւր ազգային իր մասնակցութիւնը բերելով կը նպաստէ այս հանգանակային արշաւին յաջողութեան:

Հայ Օգնութեան Միութեան
Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
7 Փետրուար, 2023

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան
տեսակցութիւն Նոր Հայ Հորիզոնի հետ
երկրաշարժէն տուժած սուրիահայութեան եւ շրջափակուած արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն մասին





ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնի
ենթայանձնախումբի կազմակերպութեամբ,
Դրամահաւաքի երեկոյ եւ հիւրասիրութիւն
Մարտ 25, 2023

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնի ենթայանձնախումբի կազմակերպութեամբ,Դրամահաւաքի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 25 Մարտ, 2023-ին, Թորոնթոյի մէջ։ Սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ։


ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան
տեսակցութիւն Հայ Հորիզոնի հետ
սուրիահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնի ծրագիրներուն մասին


ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան
տեսակցութիւն Նոր Հայ Հորիզոնի հետ
ՀՕՄ-ի Արցախի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ
ունեցած ծրագիրներուն մասին


ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝
ՀՕՄ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղ
ARS Laval "Shoushi" Chapter
Requiem at Sourp Kevork Armenian Apostolic Church
February 26, 2023

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղ
ARS Montreal "Sosse" Chapter
Requiem at Sourp Hagop Armenian Apostolic Church
February 26, 2023

ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» մասնաճիւղ
ARS Hamilton "Arev" Chapter
Requiem at St. Mary Armenian Church
February 26, 2023

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Requiem at St. Mary Armenian Apostolic Church
February 26, 2023

ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի
ARS Vancouver "Araz" Chapter
հոգեճաշի սպասարկութիւն
February 26, 2023

Յաւերժ յարգանք մեզմէ բաժնուած
ընկերուհիներու յիշատակին
թող լոյսերու մէջ ննջէ անոնց հոգին
We honour the memories of our dearly departed
members from March 2022 to March 2023
May they Rest In Peace
Ընկհ․ Ժանէթ Երկաթեան, Համիլթըն «Արեւ» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 48 տարիներ։ Մահացած է Յունուար, 2023-ին։
Ընկհ․ Նուրիձա Մաթոսեան, Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 61 տարիներ։ Մահացած է Նոյեմբեր, 2022-ին։
Ընկհ․ Լուսին Պետրոսեան, Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 36 տարիներ։ Մահացած է Յունիս, 2022-ին։
Ընկհ․ Արփի Սապունճեան, Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 68 տարիներ։ Մահացած է Յունուար, 2023-ին։

Ընկհ․ Զապել Աճեմեան, Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 42 տարիներ։ Մահացած է Հոկտեմբեր, 2022-ին։
Ընկհ․ Սօնա Իսհակ, Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 28 տարիներ։ Մահացած է Յուլիս, 2022-ին։
Ընկհ․ Ծիա Հացագործեան, Մոնթրէալ «Սօսէ» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 23 տարիներ։ Մահացած է Մայիս, 2022-ին։
Ընկհ․ Շաքէ Ստեփանեան, Մոնթրէալ «Սօսէ» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 56 տարիներ։ Մահացած է Ապրիլ, 2022-ին։
Ընկհ․ Արփինէ Չերքէզեան, Մոնթրէալ «Սօսէ» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 33 տարիներ։ Մահացած է Հոկտեմբեր, 2022-ին։
Ընկհ․ Գոհար Փայլաքեան, Մոնթրէալ «Սօսէ» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 35 տարիներ։ Մահացած է Հոկտեմբեր, 2022-ին։
Ընկհ․ Սիրարփի Աթիքեան, Թորոնթօ «Սօսէ» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 63 տարիներ։ Մահացած է Փետրուար, 2023-ին։
Ընկհ․ Շողեր Եղոյեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 73 տարիներ։ Մահացած է Մարտ, 2023-ին։
Ընկհ․ Մարի Պոյաճեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 66 տարիներ։ Մահացած է Մարտ, 2023-ին։
Ընկհ․ Գեղուհի Սարգիսեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 20 տարիներ։ Մահացած է Դեկտեմեր, 2022-ին։
Ընկհ․ Սեդա Փնճոյեան Նաճարեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է33 տարիներ։ Մահացած է Մայիս, 2022-ին։
Ընկհ․ Հայտի Ճգնաւորեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 49 տարիներ։ Մահացած է Մայիս, 2022-ին։
Ընկհ․ Մարալ Մանուշեան-Քէօշկէրեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 35 տարիներ։ Մահացած է Ապրիլ, 2022 -ին։
Ընկհ․ Զուարթ Դարբինեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 31 տարիներ։ Մահացած է Յունուար, 2023-ին։
Ընկհ․ Անժէլ Գոլանճեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 34 տարիներ։ Մահացած է Մայիս, 2022-ին։
Ընկհ․ Թագուհի Թաշճեան, Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 62 տարիներ։ Մահացած է Փետրուար, 2023-ին
Ընկհ․ Ազատուհի Պոստաճեան, Գէմպրիճ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 54 տարիներ։ Մահացած է Հոկտեմբեր, 2022-ին։
Ընկհ․ Գլարա Արփի Ֆերաքիոլի, Գէմպրիճ «Ռուբինա» մասնաճիւղ։ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է 55 տարիներ։ Մահացած է Յունուար, 2023-ին։

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի Մասնաճիւղերու
երկամսեայ ձեոնարկներ
ARS Canada Chapters'
Past Events
February 2023 and March 2023

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի
Սիրոյ տօնի (Valentine's Day) հաւաքոյթ
ARS Montreal "Sosse" chapter's Social Committee's
Valentine's Day Event
Փետրուար 14, 2023


ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
Դաստիարակչական յանձնախումբ
«Հիմի Է՛լ Լռենք» ՎԱՐԴԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՇՈՒՇԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐԹԸ
Փետրուար 22, 2023

Այս տարի, Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի մեր դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց
Վարդանանցի նուիրուած դասախօսութիւն մը։ Վարդանանցի օրուայ առիթով «Հիմի Է՛լ Լռենք» ՎԱՐԴԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՇՈՒՇԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐԹԸ խորագրով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար, 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահէն ներս:

Յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Սեդա Մանկասարեան իսկ դասախօսները ներկայացուց ընկհ. Սեդա Մալխասեան։ 

Դոկտ․ ընկհ. Տանիա Օհանեան՝ ներկայացուց Վարդանի քոյրը՝ Շուշանը, իսկ Դոկտ․. Գրիգոր Դերձակեանը ՝ «Վարդանանցի օրը նշելու կարեւորութիւնը»։
Դոկտ․․ ընկհ․ Տանիա Օհանեան
Դոկտ․ Գրիգոր Դերձակեան

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
Ընկերային յանձնախումբի Միջինքի հաւաքոյթ
ARS Montreal "Sosse" chapter's Social Committee's
Mid-lent event
Մարտ 14, 2023

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 14 Մարտ, 2023ին,տեղի ունեցաւ Միջինքի հաւաքոյթը, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս:

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
Պտոյտ դէպի Գազինօ
ARS Montreal "Sosse" chapter's Social Committee's
Day trip to Casino
January 31, 2023

ՀՕՄ-ի Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղ
Վարդանանց հանդիսութիւն
Փետրուար 16, 2023

Վարդանանց հանդիսութիւն կազմակերպութեամբ՝ Լաւալի ՀՕՄ- ի Շուշի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբաձութեան, Հինգշաբթի 16 Փետրուար, 2023ի երեկոյեան ժամը 8:30ին տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Վարդանանց Յիշատակումը Պարոնեան սրահէն ներս։

Ներկայ էին Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յակոբ. Քհն․ Գեադայեան, հոգաբարձութեան անդամներ, ՀՕՄ- ի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամներ, հօմուհիներ եւ համակիրներ։

ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի
կազմակերպութեամբ՝
Garage Sale to support Armenian Syrian Earthquake Fund



ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի
Քայլարշաւի մեկնարկ
ARS Laval "Shoushi" chapter's
Walkathon Launch
March 2, 2023


ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերու կազմակերպած
Կանանց Միջազգային Օրուան տօնակատարութիւն
Մարտ 19, 2023

ՀՕՄ -ի Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերը միասնաբար կազմակերպեցին Կանանց Միջազգային օրուան տօնակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 19 Մարտ, 2023-ի ժամը 11-ին ներկայութեամբ 350 հոգի հաշուող ՀՕՄ ուհիներու, համակիրներու եւ բարեկամներու, «Էմպըսի Բլազայի» շքեղ սրահէն ներս:

Մեր գաղութին մէջ գործօն եւ արուեստը վառ պահող արհեստավարժ երեք անձնաւորութիւններ գնահատանքի արժանացան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեամբ, աւելի քան 2 տասնամեակներ կազմակերպած եւ յաջողած է մատղաշ սերունդներ թրծել եւ զանոնք հաղորդակից դարձնել հայ բեմին ու մշակոյթին:

Կենսագրականները ընթերցելէ ետք յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան ու ծաղկեփունջերով գնահատուեցան արուեստի ու մշակոյթի մշակներէն երեք արժանաւոր տիկիններ, Համազգայինի Անի պարախումբի տարիներու պարուսոյց՝ տիկ. Եւա Հայրապետեան, արհեստավարժ բեմադրիչ, դերասանուհի եւ թատերարուեստի ուսուցչուհի տիկ. Նէնսի Իսսա եւ դաշնամուրի ու ձայնամարզութեան ուսուցչուհի եւ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի ղեկավար՝ ընկհ. Էլիզապէթ Պտղունի -Հարպոյեան:


Oրուան բանախօս՝ Դոկտ. Կարին Փափազեան- Զոհրապեան:
Կանանց Միջազգային Օրուան տօնակատարութեան յանձնախումբի անդամներ
Oրուան բանախօս՝ Դոկտ. Կարին Փափազեան- Զոհրապեան:
Մեր ընկերուհիները,
ընկհ. Էլիզապէթ Պտղունի -Հարպոյեանի հետ
Մեր ընկերուհիները,
տիկ. Եւա Հայրապետեանի հետ
Մեր ընկերուհիները,
տիկ. Նանսի Թորոսեանի հետ
Ընկհ․ Զեփիւռ Ասատուրեան եւ ընկհ․ Լիւսի Շահինեան

ՀՕՄ-ի Օթթաուա «Սեւան» մասնաճիւղի
սուրիահայութեան օժանդակութեան միջոցառում
Մարտ 26, 2023

ARS Ottawa "Sevan" chapter hosted a Falafel and Belote Fundraiser, Sunday, March 26, to raise funds to support Syrian Armenians affected by the devastating earthquake.

100% of funds from this event will be donated to help Syrian Armenians who need it most.

ՀՕՄ-ի Գէմպրիճ «Մեղրի» մասնաճիւղի
Մեսրոպ Թիթիզեան Շաբաթօրեայ վարժարանի
Վարդանանց եւ Բուն Բարեկենդանի հանդիսութիւն
ARS Cambridge "Meghri" chapter's
Saturday School's St. Vartan's Day and Paregentan Celebration
Փետրուար 11, 2023


ՀՕՄ-ի Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղի
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Փոքր Սեմինար
The 7 Habits of Highly Effective People
Seminar
February 4, 2023

ՀՕՄ-ի«Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ՝ Շաբաթ, 4 Փետրուար 2023- ին առաւօտեան ժամը 10-ին Թորոթոյի Երտասարդական Կեդրոնէ ներս տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն ներկայ եղան 25 մասնակիցներ եւ նկատարելի թիւով երիտասարդներ:

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ․ Մարալ Միսիրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ապա, ընկհ․ Էմմա Պասմաճեան ներկայացուց օրուան դասախօս՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, ընկերուհի Անի Հոթոյեան-ժոլիի կենսագրութիւնը:
Ընկերուհի Հոթոյեան-Ժոլի երկուք ու կէս ժամ տեւողութեամբ հաճելի ձեւով ներկայացուց The 7 Habits of Highly Effective People գրքին գլխաւոր գլուխները եւ իր հարցումներով ներկաները մասնակից դարձուց սեմինարին շահեկան նիւթերուն:

Ձեռնարկի սկիզբը ներկաները հիւրասիրուեցան ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ պատրաստուած նախաճաշով:

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Sock Drive for Charity
February 2023

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի
Բուն Բարեկենդանի հաւաքոյթ
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Paregentan Celebration
February 24, 2022

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի
Կանանց Միջազգային Օրուան տօնակատարութիւն
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
International Women's Day Event
March 5, 2023

Oրուան բանախօս՝ Դոկտ. Իզապէլ Պայրագտարեան
Կանանց Միջազգային Օրուան տօնակատարութեան յանձնախումբի անդամներ օրուայ բանախօսին հետ

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի
Մօր ու Մանկան Ծրագիր
Mom & Baby Group
Չորեքշաբթի Օրեր 10։30- 12։00

ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» մասնաճիւղի
ՀՕՄ-ի Օրուայ Տօնակատարութիւն
ARS Hamilton "Arev" Chapter's
ARS Day Celebration
March 26, 2023

ՀՕՄ-ի «Արեւ» մասնաճիւղի կազմակերպած ՀՕՄ-ի Օրը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 Մարտ, 2023-ին, Հայ կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ գաղութիս հոգեւոր հովիւ Տէր Հրանդ Քհնյ. Մանուկեանի եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ ընկհ. Իրէն Թիլիմեանի ու Անի Հոթոյեան-Ժոլիի եւ Վռամեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչներու:

Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ. Անուշ Պէքմէզեանը։ Վարչութեան խօսքը ներկայացուց ատենապետուհի ընկհ. Արմիկ Թովմասեանը: Տեսասահիկներով ներկայացուեցաւ մասնաճիւղի 110 տարուան աշխատանքը, զոր պատրաստուած էր ընկհ. Ժուլիա Աբգարեանի եւ Սագօ Գօմուլեանի կողմէ: Շրջանային Վարչութեան խօսքը ներկայացուց ընկհ. Իրէն Թիլիմեանը:  

Մասնաճիւղի ընկհ. Թագուհի Զգադիօդիսը արժանացաւ 50 տարուան ծառայութեան զարդասեղին: Վարչութիւնը նաեւ գնահատեց ընկհ. Աղաւնի Ժամկոչեանը եւ ընկհ. Հռիփսիմէ Աբգարեանը իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար: 
Ձեռնարկը փակուեցաւ Տէր Հօր արտասանած աղօթքով:


ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի մասնաճիւղերու
յառաջիկայ ձեռնարկներ
ARS Canada Chapters' Future Events

ՀՕՄ-ի Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղի
Քայլարշաւ-դրամահաւաք
ARS Laval "Shoushi" Chapter
Walkathon
June 3, 2023