Volume 29 - July 31, 2023
ՀՕՄ-ի 102-րդ եւԳանատայի Շրջանի
26-րդ Պատգամաւորական ժողով
Մոնթրէալ
Յունիս 30, Յուլիս 1 - 2, 2023
Գանատայի Շրջանի 26-րդ եւ ՀՕՄ-ի 102-րդ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս:ժամը 3:30-ին Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Արժ. Տ. Եսայի Քհն. Մանուկեան ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ներկաներուն կողմէ: Ժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք աղօթք կատարուեցաւ զոհուած ազատամարտիկներուն, ինչպէս նաեւ մեզմէ յաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ի ընկերուհիներու հոգւոց ի յիշատակ: Սրբազան Հայրը խօսք առնելով դրուատեց ՀՕՄ-ի անդամներուն բեղուն աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՕՄ-ի 26-րդ Պատգամաւորական Ժողովին:

Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեան, Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Աննա Պուլկարեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մարալ Նազարեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Թամար Շահինեան, ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեաններկայացուցիչ Սօսի Արապեան, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Քամի Ունանեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչ Նորա Արուշեան:
Ներկայացուցիչները խօսք առնելով գնահատեցին ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի տարած ազօգուտ գործունէութիւնը, հայրենիքի, Գանատայի, թէ սփիւռքեան գաղութներու մէջ:

Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Լուսին Փալանճեանի կարգահրաւէրէն ետք առժամեայ դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ ընկհ. Անի Օհանեան (Լաւալ), իսկ ատենադպիր ընկհ. Զեփիւռ Խաչատուրեան Թորոնթոյէն, որմէ ետք Իրաւասութիւններ ճշդող եռանդամ յանձնախումբը յայտարարեց, որ 54 պատգամաւորներ կը մասնակցին ժողովին, իսկ Գանատայի տասը մասնաճիւղերէն եօթն միայն ներկայ էին: Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղը, Սէնթ Գաթրինզի «Արազ» եւ Համիլթընի «Արեւ» մասնաճիւղերը չէին կրցած միանալ սոյն ժողովին:

Յաջորդ օրակարգն էր մասնաճիւղերու զեկոյցը երիտասարդ անդամներ ներգրաւելու նիւթին շուրջ եւ այդ առընչութեամբ վարչութիւններու տարած աշխատանքին մասին։Ժողովականները մեծապէս տպաւորուած էին տարուած աշխատանքէն, յատկապէս ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս այժմէական գաղափարներով երիտասարդներ ներգրաւելու ջանքերէն, Արցախի, Ջաւախքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար կատարուած դրամահաւաքներու անմիջական եւ գոհացուցիչ արդիւնքներէն: ՀՕՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը, իրենց առաւելագոյն ճիգը թափած էին հասնելու մեր մօտակայ եւ հեռաւոր հայրենակիցներու կարիքներուն:

Հասած էր պահը ամբողջացնելու ժողովին մնայուն դիւանը: Առաջարկուեցաւ պահել առժամեայ դիւանը եւ միաձայնութեամբ երկրորդ ատենապետ ընտրուեցաւ ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեան (Թորոնթօ) եւ երկրորդ ատենադպիր՝ Վարդի Դանիէլեան (Մոնթրէալ):

Ընկհ. Աննա Պուլկարեան նշանակուեցաւ ժողովավարական կանոններու մեկնաբան: Կատարուեցան Ընտրողական, Յարաբերական թուղթեր քննող, Բանաձեւի, Հաշուեքննիչ յանձնախումբերուանդամներու ընտրութիւն: Շրջանային վարչութեան հիւրերն էին Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ ընկհ. Սեդա Թոփուզեան (Լաւալ), Նոյեմի Եաղճեան (Մոնթրէալ) եւ Զարուկ Հասըրճեան (Թորոնթօ): Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ որպէս հիւր հրաւիրուեցան ընկհ. Մարօ Ֆրունճեան (Մոնթրէալ), Քրիստին Աֆարեան (Լաւալ), Ալվարդ Քէշիշեան (Թորոնթօ), Զեփիւռ Տորնա (Թորոնթօ), Գեղուհի Պաստաճեան (Թորոնթօ) եւ Սօսի Չանկրեան (Մոնթրէալ): Թղթակից նշանակուեցաւ ընկհ. Տիրուկ Մանճիկեան (Մոնթրէալ):

Ժողովականները ունկնդրեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան զեկոյցը, ներկայացուած ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի կողմէ, որ կ’անդրադառնար Կեդրոնական վարչութեան եւ իր միաւորներուն կողմէ տարուած հսկայական աշխատանքին՝ օգնութեան հասնելու Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Ջաւախքի, պատերազմէն, աղէտներէն եւ ընկերային դաժան պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ Մօր ու Մանկան Առողջապահական կեդրոնին եւ ծննդատան, Սօսէ Մանկապարտէզներուն, Որբախնամ եւ Ուսանող ծրագիրներուն, Զինուորի տուն վերականգնողական կեդրոնին եւ ուսանողներուն: Ժողովը քննարկեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կանոնագրային փոփոխութիւնները, Համահայկական Պատգամաւորական ժողովի օրակարգը եւ կատարեց համապատասխան թելադրանքներ եւ առաջարկներ:

Պատգամաւորական ժողովը շարունակուեցաւ Շաբաթ, 1 Յուլիսին: Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լուսին Փալանճեան եւ հաշուապահ ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլի յաջորդաբար ներկայացուցին միամեայ տեղեկագիրները: Ժողովի մասնակցողները մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան տեղեկագիրներուն: Ժողովականները իրենց լուսաբանական հարցումներուն ստացան սպառիչ եւ գոհացուցիչ բացատրութիւններ:

Յարաբերական եւ Հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զեկոյցէն ետք հասեր էր ժամը ըստ էութեան գնահատանքը կատարելու այս հսկայական եւ կամաւոր աշխատանքին: Լսելէ էտք տարուած հայանպաստ, բարեսիրական եւ մարդասիրական օգտակար եւ ծաւալուն գործունէութեան մանրամասնութիւնները, ժողովականները եւ հիւրերը յոյժ գնահատեցին Շրջանային վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը: Գնահատուեցան յատկապէս որբերու խնամակալութեան աշխատանքը, մասնաճիւղերու հետ համերաշխ կապը, «Կանչ» հաղորդման ստեղծած հետաքրքրութիւնը, երեք տարուան թագաժահրի պատճառաւ ընդհատուած «Լրատու»ի վերահրատարակութիւնը, նախորդ Պատգամաւորական ժողովի բանաձեւերու իրագործումը, Ջաւախքի, սուրիահայութեան եւ սփիւռքեան գաղութներու անմիջական օգնութիւն հասցնելու արագ աշխատանքը, հաշուապահական ճշգրիտ ներկայացումը եւ ոչ-հայ ընկերութիւններուն հետ գործակցութիւնը: Ժողովը նաեւ բարձր գնահատեց այս բոլորին իրագործումը մէկ տարուան ժամանակաշրջանին:

Շաբաթ գիշեր Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-խրախճանքը առիթը տուաւ շրջաններէն եկած ընկերուհիներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու իրարու հետ:

Կիրակի, 2 Յուլիսի նիստը սկսաւ բանաձեւի զեկոյցի շարունակութեամբ, ապա նախահաշիւի ներկայացմամբ: Հասեր էր նաեւ պահը ընտրելու Գանատայի Շրջանի նոր վարչութիւնը: Այսպէս, Շրջանային Վարչութեան անդամներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Լուսին Փալանճեան (Մոնթրէալ), Վալերին Յարութիւնեան (Մոնթրէալ), Արփի Սանոսեան (Մոնթրէալ), Քրիստին Աֆարեան (Լաւալ), Աստղիկ Խաշընձեան (Լաւալ), Յասմիկ Բաբիսեան (Թորոնթօ), Մարալ Միսիրեան (Թորոնթօ): Փոխ անդամներ ընտրուեցան Զեփիւռ Ասատուրեան (Մոնթրէալ), Անի Գրալեան (Մոնթրէալ), Նելլի Պարսեմեան (Լաւալ), Մարալ Յովսէփեան (Լաւալ), Զեփիւռ Տորնա (Թորոնթօ) եւ Գեղուհի Պաստաճեան (Թորոնթօ): Կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովին պատգամաւորներու ընտրութիւնը: Միաձայնութեամբ ընտրուեցան ընկհ. Աննա Պուլկարեան (Մոնթրէալ), Անի Օհանեան (Լաւալ), Արտա Շահինեան (Թորոնթօ) եւ Յասմիկ Բաբիսեան (Թորոնթօ): Իսկ փոխ անդամներ ընտրուեցան ընկհ. Զեփիւռ Ասատուրեան (Մոնթրէալ) եւ Վարդուկ Պարտագճեան (Թորոնթօ):

Չնախատեսուած հարցերու ընթացքին առիթը տրուեցաւ պատգամաւորներուն արտայայտուելու եւ փոխանցելու իրենց տպաւորութիւնները, այսպէս՝ թելադրուեցաւ Շրջանային վարչութեանՊատգամաւորական ժողովէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող պատգամաւորները հրաւիրել առցանց ժողովի մը, իմանալու համար անոնց տպաւորութիւնները:

Երեք օրուան վրայ երկարող օրակարգերու քննարկումները հասած էին իրենց աւարտին: ՀՕՄ-ուհիները ինչպէս միշտ այս անգամ եւս փորձեցին իրենց լաւագոյնը տալ ժողովին մասնակցութեամբ, ընել իրենց ազգօգուտ պարտականութիւնը, քաջ գիտնալով որ որպէս զինուորագրեալ եւ ուխտեալ հայուհիներ պէտք է շարունակեն այս սուրբ գործը եւ մանաւանդ յաջորդ սերունդին փոխանցել նուիրումի եւ կարօտեալին ու տկարին հասնելու ոգին եւ կամքը:

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը յաջողութեամբ եւ պատուով կատարած էր իր պարտականութիւնը եւ ահա դարձեալ ոտքի կը կանգնէր, որպէս «լոյսի բանակ», շարունակելու եւ դիմակայելու նոր մարտահրաւէրներ, բարելաւելու եւ տէր կանգնելու հայ դպրոցին, հայ զինուորին, հայրենիքին, ծնողազուրկ մանուկին, պատանիին եւ հայ ուսանողին:

Ուժ, կորով եւ բարի երթ ՀՕՄ-ի բոլոր ընկերուհիներուն:
Տիրուկ Մանճիկեան

Հին եւ նորընտիր Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներ
2023-2025 Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներ
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան
«Կանչ» Հաղորդում
ARS Canada Podcast
"Ganch" Podcast
starting January 1, 2023
Please Listen anytime and Share with Others
ՀՕՄ-ի Գանատայի Ծրջանային Վարչութեան
2023 Կրթաթոշակ
Deadline: August 31, 2023
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան

2023 Կրթաթոշակ եւ Կրթանպաստ ծրագիր


ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի Մասնաճիւղերու
երկամսեայ ձեոնարկներ
ARS Canada Chapters'
Past Events
June and July 2023
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
Ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝
"Հայրերու Տօն"ի նուիրուած ճաշկերոյթ
Յունիս 20, 2023

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
Ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝
Պտոյտ մը դէպի սրբավայր Ռիկօ
Յուլիս 5, 2023
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ՝
Կամաւորներու Գնահատանքի Երեկոյ
ARS Montreal "Sosse" Chapter's
Volunteer Appreciation Hawaiian Night
Յուլիս 8, 2023
ՀՕՄ-ի Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղի Քայլարշաւ
Յունիս 3, 2023


Քայլարշաւէն կայացաւ $40.000 Գանատական տոլար, յատկացուեցաւ երեք բարեսիրական նպատակներու՝
1- Fondation Armand-Frappier կուրծքի քաղցկեղի հետազօտութեան
3- Հայ Օգնութեան Միութիւն - Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Առողջապահական Կեդրոնին եւ Ծննդատան
ՀՕՄ-ի Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղի մասնակցութիւնը
Քէպէքի ազգային Տօնին St․ Jean Baptiste-ին
St․ Martin եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս
Յունիս 24, 2023
ՀՕՄ-ի Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղի
Ոսկեայ Տարիք յանձնախումբի ձեռնարկ
Յունիս 27, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Կամաւորներու Գնահատանքի Երեկոյ
Volunteer Appreciation evening
July 12, 2023

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ
ամառնային փառատօն
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Toronto Summerfest
July 7 to 9, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Ծաոայութեան Յանձնախումբի
Ճաշերու սպասարկութիւն
Fieldstone Commons Արարատի Բաժիններու
յարկի բնակիչներուն
Մայիս 11, 2023

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ծառայութեան յանձնախումբը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ երեք տարուան ընդհատումէ ետք թագաժահրի սահմանափակումներու պատճառով, 11 Մայիս, 2023-ին վերսկսաւ իր աշխատանքը եւ որոշեց շարունակել ամսական ճաշի սպասարկութիւնը Fieldstone Commons Արարատ բաժիններու հայ բնակիչներուն: 

Կը խնդրենք բոլորէդ սատարել այս ծրագրին ձեր սրտաբուխ
նուիրատուութիւններով:

The Social Services Committee started their monthly meal preparation and food serving at Fieldstone Commons on May 11th. The Committee plans to continue this service on a monthly basis.

The Committee welcomes donations.
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղ
մասնաճիւղի փոքր վաճառք
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Garage Sale
June 17 and 18, 2023

ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» մասնաճիւղ
Շաբաթօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդէս
Մայիս 14, 2023
ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի
Մեսրոպ Թիթիզեան Շաբաթօրեայ դպրոցի
ամավերջի հանդէս
ARS Cambridge Meghri Chapter - Saturday School
Year-End Celebration
Յունիս 17, 2023

ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի
ամառնային ճամբար
ARS Cambridge Meghri Chapter - Summer Camp
July 10- 14, 2023
ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղ
Արազ վարժարանի Վերջին Զանգին հանդէսը
Յունիս 10, 2023
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Նաւապտոյտ
Ապրիլ 20-27, 2024

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան մասնաճիւղերու
յառաջիկայ ձեռնարկներ
ARS Canada Chapters' Future Events
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
2023 Summer Camp
Լիբանանի "Radio Voice of Van- Վանայ Ձայն"ի "Բարեւ" Հարցազրոյցը ընկհ․ Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանի հետ
Հոկտեմբեր 28-29, 2023-ի
Տօհմիկ Օրուայ մասին նուիրուած
Լիբանանի Հայ Գաղութին