Volume 23 - January 31, 2023
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան
«Կանչ» Հաղորդում
ARS Canada Podcast
"Ganch" Podcast
starting January 1, 2023

Please Listen anytime and Share with Others
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան այցելութիւնը՝
Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի
18 Յունուար, 2023

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 18 Յունուարի երեկոյեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ խօսուեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի աշխատանքներուն եւ իրագործումներուն մասին։ Հանդիպման ընթացքին
Սրբազան հայրը հայրական օրհնութեամբ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ՀՕՄ-ի ապագայ ծրագիրներուն եւ շեշտեց համատեղ
աշխատելու կարեւորութիւնը։

Նկարէն կը բացակայէն ընկերուհիներ՝ Իռէն Թիլիմեան եւ Անի Հոթոյեան-Ժոլի։

On Wednesday, January 18, the ARS Canada Regional Executive committee visited his Eminence Archbishop Papken Tcharian at the prelacy in the occasion of the new year and a Christmas. ARS Canada’s work throughout the year was discussed in an intimate setting. During the discussion the Archbishop wished the best of luck to the committee members, highlighting the importance of working together to reach the goals of the organization in the coming year.

Missing from the photo were ungerouhiner Iren Tellmian and Ani Hotoyan-Joly

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի Հայոց Առաջնորդարանի ընթրիքին
28 Յունուար, 2023
Գոյժ
Ընկհ․ Արփի Սապունճեան

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանայի Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ մահը իր ուխտին նուիրեալ ընկերուհի, մանկավարժ, ազգային հասարակական գործիչ, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, ընկհ․ Արփինէ Սապունճեանի, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Յունուար 2023-ին, Մոնթրէալ։

Մեծ եղած է դերը ընկհ․ Արփի Սապունճեանին Ս․Օ․Խաչի շարքերէն ներս, նամանաւանդ Հալէպի գաղութէն ներս իր ընծայաբերած բեղուն գործունէութեամբ, ստանցնելով զանազան պաշտօններ, որպէս Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզի երկարամեայ մանկապարտիզպանուհի, Համազգայինի վարչական, Ս․Օ․Խաչի Արծուիկ խորհուրդի անդամ, Ս․Օ․Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, Բերիոյ Թեմի Ազգային Գաւառական ժողովի անդամ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Ս․Օ․Խաչի դրամահաւաքի յանձնախումբի անդամ։ Բազմիցս մասնակցած է ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական ժողովներուն ներկայացնելով Ս․Օ․Խաչը։ Արժանացած է զանազան շքանշաններու։
Իր տիպար կեցուածքով, միութեանական հոգիով ու անսակարկ նուիրոմուվ ընկերուհին իր ետին թողեց այն վաստակն ու համբաւը զոր պէտք է դառնայ իտեալը իւրաքանչիւր հայուհիի։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ՀՕՄի մեծ ընտանիքի անդամներուն ու կը խնդրենք առ Բարձրեալն Աստուած Սուրբ Հոգւով մխիթարութիւն պարգեւէ իր բոլոր սիրելիներուն։
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վաչութիւն
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան
Կազմակերպութեամբ՝ Զեկուցական հաւաք
"Ջաւախքը այսօր"
Դեկտեմբեր 12, 2022


ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախքը այսօր» զեկուցական հաւաքը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 12 Դետեմբեր , երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրեալի Հայ կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահէն ներս:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկերուհի Լուսին Փալանճեան ողջունեց ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ-ի , ՀՕՄ-ի Գանատայի Սօսէ եւ Շուշի մասնաճիւղերու վարչութեանց, Հ.Յ.Դ. Միհրան Փափազեան եւ Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէներու ներկայացուցիչները: Ապա ներկայացնելէ ետք կենսագրականը օրուան պատգամաբեր ՀՕՄ-ի Ջաւախքի հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ ընկեր Իվան Արտհալճեանի զինք բեմ հրաւիրեց:
Դասախօս Իվան Արտհալճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց ՀՕՄ-ի Ջաւախքի հիմնադրամի եւ Ջաւախքի հայութիւնը իր հողին վրայ պահելու կարեւորութիւնը եւ պարզեց այդ նպատակով գործադրուած աշխատանքները: Ինչպէս օրինակ, գործազրկութիւնը յաղթահարելու նպատակով գործի առիթներու ստեղծումը, որը կ՝օգնէ  արտագաղթի կասեցման եւ տնտեսական ու ընկերային հարցերու լուծման:
Զեկուցաբերը անդրադարձաւ Ախալքալաքի, Ախալցխայի եւ Նինոցդմինտայի երիտասարդական կեդրոններու կարեւորութեան եւ անոնց ներկայ եւ ապագայ գործունէութեանց մասին:
Պրն.Արտհալճեան աւելցուց, որ Թումոյի եւ ՀՕՄ-ի համագործակցութեամբ այսօր Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնէն ներս երիտասարդներուն մշակութային մարզերու մէջ զարգացման եւ այժմէական փորձառութիւններ ստանալու առիթներու ստեղծուած են:
Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Ջաւախքի հայութեան պահպանողական նկարագրին մասին, հանդէպ իրենց կենցաղին եւ սովորութիւններուն:
Դասախօսութեան աւարտին ընկերուհի Լուսին Փալանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերին շահեկան ներկայացման համար:
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ալցելութիւնը
Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղի վարչութեան
ARS Canada՛s Visit with
Laval "Shoushi" Chapter's Executive Board
January 27, 2023
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան հանդիպում
Դոկտ․ եւ ընկհ․ Տանիա Օհանեանին հետ
Personal Productivity & Leadership Workshop նիւթին շուրջ
ARS Canada՛s meeting with Ungh. Dania Ohanian
January 28, 2023
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան
Փոքր Սեմինար
The 7 Habits of Highly Effective People
Seminar
January 29, 2023
Montreal, Quebec

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ Կիրակի, 29 Յունուար 2023- ին առաւօտեան ժամը 10-ին Մոնթրէալի Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն ներկայ եղան 40 մասնակիցներ եւ նկատարելի թիւով երիտասարդներ:
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկերուհի Լուսին Փալանճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ընկհ.Ազգանուշ Հատիտեան ներկայացուց օրուան դասախօս՝ վարչութեան անդամ, ընկերուհի Անի Հոթոյեան-ժոլիի կենսագրութիւնը:
Ընկերուհի Հոթոյեան-Ժոլի երկուք ու կէս ժամ տեւողութեամբ հաճելի ձեւով ներկայացուց The 7 Habits of Highly Effective People գրքին գլխաւոր գլուխները եւ իր հարցումներով ներկաները մասնակից դարձուց սեմինարին շահեկան նիւթերուն:
Ձեռնարկի սկիզբը ներկաները հիւրասիրուեցան ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ պատրաստուած նախաճաշով:
Ընկհ․ Լուսին Փալանճեան բարի գալուստ կը մաղթէ ներկաներուն
Ընկհ Անի Հոթոյեան-Ժոլի կը ներկայացնէ սեմինարին նիւթը
սեմինարի մասնակցողներ
սեմինարի մասնակցողներ
սեմինարի մասնակցողներ
սեմինարի մասնակցողներ
սեմինարի մասնակցողներ
սեմինարի մասնակցողներ
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 27-րդ Սեմինար
ARS Canada 27th Seminar
15-16 Ապրիլ, 2023
Delta Hotels by Marriott Kingston Waterfront
 1 Johnson St, Kingston, ON K7L 5H7

 
Սիրելի Ընկեր- Ընկերուհիներ,
 
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան սեմինարը տեղի պիտի ունենայ Քինկսթընի մէջ, 15-16 Ապրիլ, 2023-ի շաբաթավերջին:

Ա․դասախօս՝ Տոքթ․ Սեդրակ Իսհակ
Նիւթ՝ «Քաղուած դասեր՝ եօթը հոգեբուժական ըմռնումներու շուրջ»
     Lessons Learned: 7 Insights from a Psychiatrist
 
Բ․ դասախօս՝ Դոկտ. եւ ընկհ. Տանիա Օհանեան
Նիւթ՝ «Ղեկավարման մշակոյթը եւ ղեկավարին ինքնութիւնը»
          The Culture of Leadership & the Identity of the Leader
 
                
Գ․ դասախօս՝  Պրն. Ժոզէ Բիրանեան
Նիւթ՝ «Յաղթահարել վախերը՝ ձեւաւորելով ճկունութիւն և թռիչքային ներուժ»
   Conquering Fears Building Resilience & Skyrocketing Potential

-Մանրամասնութիւնները ղրկուած են բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն
-Details have been sent to all chapter executives
 
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի Մասնաճիւղերու
անցեալի ձեոնարկներ
ARS Canada Chapters'
Past Events
December 2022 and January 2023
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղի
Թալին եւ իր ընկերները
ARS Canada Laval "Shoushi" Chapter's
Taline et Ses Amis
December 17, 2022

Հ0Մ-ի Լաւալի «Շուշի»մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ՝ Շաբաթ 17 Դետեմբեր 2023- ին Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ փոքրերու կաղանդի համերգը երկու ելոյթներով , ներկայութեամբ աւելի քան 565 փոքրերու եւ իրենց ծնողներուն։

Ձեռնարկը խանդավառեց փոքրերու հայերէն երգերու մեկնաբան Թալինը, փոքրիկները միասնաբար երգեցեն , պարեցին եւ դիմաւորեցին կաղանդ Պապան։ Եղաւ ուտեստեղենի վաճառք պատրաստուած ընկերուհիներուն կողմէ։

Փոքրիկները առիթը ունեցան նկարուելու Թալինին եւ Կաղանդ Պապային հետ։
Վարձքը կատար յանձնախումբի բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին այս տարի եւս յաջողութեամբ պսակելու սոյն ձեռնարկը։


The ARS Laval "Shoushi" chapter organized its annual Children’s Christmas event on December 17, 2022 at Sourp Hagop school in Montreal in the Pastermadjian auditorium. The event welcomed more than 565 children with their parents. The enthusiastic and excited children came to sing and dance with Taline the beloved entertainer and got a surprise visit from Santa Clause himself.

Treats and desserts were prepared by committee members for sale along with a gift to all who attended. The children also got a chance to take a photo with Taline and Santa Clause.The annual event was a success with two show times and a day filled with excitement for all.

Ընկհ․ Նելլի Համալեան, Լաւալ "Շուշի" մասնաճիւղի ատենապետուհի
Ընկհ․ Ալին Հատիտեան, Լաւալ "Շուշի" մասնաճիւղի վարչական
Ձեռնարկէն պահեր
Ձեռնարկէն պահեր
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի
ոսկեայ տարիքի Կաղանդի ձեռնարկ
ARS Laval "Shoushi" Golden Years Christmas Party
December 30, 2022
Երեքշաբթի13 Դեկտեմբեր, 2022ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին տեղի ունեցաւ Ոսկեայ Տարիք յանձնախունբի շատ սպասուած Կաղանդի ձեռնարկը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Նելլի Պարսեմեանը, որ շնորհաւորեց ներկաները Ամանորի եւ Ս Ծննդեան զոյգ տօներու առիթով եւ բարեմաղթանքներ կատարեց։ Ապա, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Յակոբ քհնյ.Գէյթայեան փոխանցեց Ս. Ծննդեան խորհուրդը եւ օրհնեց սեղանը։

Ընկհ. ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար, ինչպէս նաեւ Ոսկեայ տարիքի յանձնախումբին եւ DJ Arek-ին, որ սիրայօժար ներկայ էր ճոխացնելու այս ձեռնարկը։

Ընկհ․ Նելլի Համալեան բարի գալուստ կը մաղթէ ներկաներուն
Ընկհ․ Սիւզի Պոյամեան եւ ընկհ․ Նուշիկ Ղազարեան Նալպանտեան
ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» մասնաճիւղի
Ամանորի Տօնավաճառ
ARS Hamilton "Arev" Chapter's
Christmas Bazaar
December 11, 2022
ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» Մասնաճիւղի
Նոր Տարուայ Խրախճանք
ARS Canada Vancouver "Araz" Chapter's
New Year's Party
December 31, 2022
ՀՕՄ-ի Վանգուվըր «Արազ» Մասնաճիւղի
Ամանորի Տօնավաճառ
ARS Canada Vancouver "Araz" Chapter's
Bazaar
December 3, 2022

ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի Արազ մասնաճիւղը կազմակերպած էր ամանորի տօնավաճառ մը, որուն ընթացքին լուսաւորուեցաւ կեդրոնի տօնածառը։
ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» Մասնաճիւղի
ARS Vancouver "Araz" Chapter's
Saturday School's Christmas party
December 10, 2022
ՀՕՄ-ի Լաւալ «Շուշի» Մասնաճիւղի
Տարեկան տօնավաճառ
ARS Canada Laval "Shoushi" Chapter's
Bazar et Arts
December 3 and 4, 2022
Ընկհ․ Սեդա Թօփուզեան Գուշեան, տօնավաճառի քնքամայր եւ Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ
Ընկհ․ Նելլի Համալեան Պարսեմեան, ՀՕՄ-ի Լաւալ "Շուշի" մասնաճիւղի ատենապետ

Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի
Ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝
Ամանորի ճաշկերոյթ
Montreal "Sosee" Chapter's Social Committee's
Christmas Party
December 20, 2022
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ամանորի ճաշկերոյթը, Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր, 2022-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Արժանապատիւ Տէր.Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Արմինէ Կարապետեան,

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ Ընկհ. Լուսին Փալանճեան եւ վարչական անդամներ, մասնաճիւղիս ատենապետուհի՝ Ընկհ. Հուրի Զաքարեան եւ վարչական անդամներ. Հիւրաբար մեր մէջ կը գտնուէր նաեւ Հայաստանէն ընկհ. Անահիտ Մեսրոպեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնեայ եւ որբերու խնամակալ, ինչպէս նաեւ Տարեցներու Միութեան ատենապետ՝ Պարոն Սերոբ Կիրակոսեան եւ աւելի քան 120 ընկերուհիներ և համակիրներ:
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի
Շաքարներու Աշխարհ
ARS Montreal "Sosse" Chapter's
Aux Pays Des Bonbons
December 11, 2022
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղերու
Ամանորի Հաւաքոյթ
ARS Montreal "Sosse" and Laval "Shoushi" Chapters'
Christmas Party
January 12, 2023
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի
Փոքր Տօնավաճառ
ARS Montreal "Sosse" Chapter's Mini Bazaar
December 18, 2022
ՀՕՄ-ի Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղի
Տարեկան Պազար
ARS Ottawa "Sevan" Chapter's
Annual Bazaar
December 10, 2022
ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» Մասնաճիւղի
կաղանդի հաւաքոյթ
ARS Cambridge "Meghri" Chapter's
Ladies' Christmas Party
December 11, 2022
ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» Մասնաճիւղի
Դպրոցի Կաղանդի Տօնախմբութիւն
ARS Cambridge "Meghri" Chapter's
Mesrob Titizian Armenian Saturday School
“Gaghant Baba” Fun Day
December 17, 2022
ՀՕՄ-ի Միսիսոկայի «Առագաստ» մասնաճիւղի
Փոքրիկներու Ամանորի Հաւաքոյթ
ARS Mississauga "Arakasd" Chapter's
Children's Christmas Party
December 18, 2022
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի
Ամանորի խրախճանք
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
Christmas Party
December 9, 2022
ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ամանորի խրախճանք՝ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր, 2022-ին, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս: Ներկաներու թիւն էր 240, անոնք վայելեցին Կաղանդ Պապայի այցելութիւնը, հայկական երաժշտութիւն, հաճելի մթնոլորտ եւ անակնկալներ։ Վարձքը կատար յանձնախումբի ընկերուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ջանք չխնայեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի
Փոքր Պազար
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
Christmas Mini Bazaar
December 18, 2022
ARS Canada Chapters' Future Events
ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» մասնաճիւղի
Սիրոյ Տօնի Պարահանդէս
ARS Hamilton "Arev" Chapter
Valentine Day's Dinner Dance
February 10, 2023
ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» Մասնաճիւղ
ARS Cambridge "Meghri" Chapter's Fundraising Event
Order by February 5, 2023
ՀՕՄ-ի Օթթաուայի «Սեւան» Մասնաճիւղի
Տիսքօ խրախճանք
ARS Ottawa "Sevan" chapter
70s 80s Disco party
February 10 , 2023

Let's get together and have some fun.
Prize for most creative costume.
This event is for those 15 years old and up.
Limited tickets available and reservation is required.
Contact Vanda at (613 862 1152) to reserve today.
For e-transfers: vandas2@hotmail.com.
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի
Մարզանքի Դասընթացք
ARS Toronto "Roubina" Chapter
Fitness Classes
January 18 to March 22, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի
Փոքր Սեմինար
ARS Toronto "Roubina" Chapter՛s
The 7 Habits of Highly Effective People Seminar
Saturday, February 4, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի
Բուն Բարեկենդան
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
Poon Paregentan
February 24, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի
Կանանց Միջազգային Օր
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
International Women's Day Event
March 5, 2023
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի
ՀՕՄ-ի Թորոնթօ Մասնաճիւղի 60 ամեակի Տօնախմբութիւն
ARS Toronto "Roubina" Chapter's
60th Anniversary Celebration
April 30, 2023
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի
Դաստիարակչական Յանձնախումբի Դասախօսութիւն
ARS Montreal "Sosse" Chapter's
Educational Committee's Lecture
22 Փետրուար 2023
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղերու
Կանանց Միջազգային Օրուայ Տօնակատարութիւն
ARS Montreal "Sosse" and Laval "Shoushi" Chapters՛
International Women's Day Event Celebration
19 Մարտ 2023
SAVE THE DATE
ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղի
Քայլարշաւ
ARS Laval "Shoushi" Chapter's
Walkathon
June 3, 2023
Սիրելի՛ Հօմուհի,

Կ՛ուզե՞ս նուիրատուութիւն մը կատարել ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան:

Ահաւասիկ մեր հասցէն՝


Կրնաս նաեւ e-transfer կատարել


Շնորհակալութիւն

Dear ARS Canada member,

Would you like to make a donation to ARS Canada

Here is how:


or you can e-transfer to

ars-canada@bellnet.ca

Thank You